2008-11-01 14:21:02

Պենետիկտոս ԺԶ Պապի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը` Ամենայն Սրբոց տօնին խորհուրդը նիւթին մասին։


 Շաբաթ մէկ Նոյեմբեր 2008, տօն Անենայն Սրբոց ըստ լատինաց, Պենետիկտոս ԺԶ Պապը կէսօրին, Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, Ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ամենայն Սրբոց տօնին խորհուրդին վրայ ։ Այսօր մեծ ուրախութեամբ կը տօնախմբենք Ամենայն Սրբոց տօնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, եթէ բուսագիտական տնկարան մը այցելելենք, ապշած կը մնանք ի տես տունկերու ու ծաղիկներու զանազանութեան, եւ ինքնաբուխ կը մտաբերենք Արարիչին անհուն երեւակայութիւնը, որ երկիրը դարձուց սքանչելի պարտէզ մը։ Նոյն զգացումը կ՚ ունենանք երբ կը գտնուինք սրբութեան տեսարանին առջեւ, աշխարհը մեզի կը յայտնուի որպէս պարտէզ մը, ուր կը տեսնենք Աստուծոյ Հոգիին ցոլացումը իրարմէ տարբեր անթիւ անհամար սուրբերու եւ սրբուհիներու միջոցաւ որոնք կը կրեն Աստուծոյ կնիքը` սէրը։ Անոնք սրբութեան պսակին արժանացան անցնելով նեղութիւններէն, լուացին իրենց հագուստները եւ սպիտակացուցին զանոնք Գառնուկին արեան մէջ եւ այժմ կը մասնակցին յարութեան փառքին։ Ապա Նորին սրբութիւնը պատմականը ընելով Ամենայն Սրբոց տօնին ըսաւ թէ Պոնիֆակիոս Դ. պապը 608ին Հռոմի մէջ նուիրագործեց Պանթէոնը զայն նուիրելով Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին ու բոլոր Նահատակներուն եւ սուրբերուն։ Սիրեցեալ բարեկամներ, յարեց Սրբազան Հայրը, ապաւինինք Տիրամօր` թագուհին բոլոր սուրբերուն, թող ան առաջնորդէ մեզ դէպի երկնաւոր հայրենիքը, ուր կը բնակի սուրբերու անթիւ բազմութիւն մը, բոլոր ազգերէն, ժողովուրդներէն եւ լեզուներէն։ Եւ աղօթքով միանանք յիշելով մեր սիրեցեալ ննջեցեալները, որոնց յիշատակը վաղը` նոյեմբեր 2-ին կը կատարենք։ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ յատկապէս ողջունեց Հռոմի քաղաքապետը տիար Gianni Alemanno-ն եւ բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.